Դեկտեմբեր 2-ին Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը (նստավայրը՝ Աթէնք) իր հաւատարմագիրը յանձնեց նախագահ Ժելկօ Կոմշիչին:

Նախագահի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին տեսակէտներ փոխանակուեցան քաղաքական երկխօսութեան խորացման, երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղիներու վերաբերեալ: Երկուստեք ընդգծուեցաւ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարային ուղղութեան, իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը: Առաջնահերթ համարուեցաւ բարձր մակարդակի երկկողմ շփումներու աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան խթանումը: