Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին սկսած է պատրաստել Հայոց Ցaեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը:
Նախարարութիւնը հրահանգ ստացած է նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն: Նախարարութեան մասնագէտները նոր օրինագիծը պիտի համապատասխանեցնեն ֆրանսական, եւրոպական եւ միջազգային բոլոր անհրաժեշտ չափանիշերուն:
Տաւութօղլու Կը Զգուշացնէ Սարքոզին
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին զգուշացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այլ օրինագիծ մը որդեգրել ջանալէ:
«Սարքոզի արդէն իր բախտը չափազանցուած ձեւով փորձած է եւ եթէ այդ մէկը անգամ մը եւս փորձէ, ֆրանսական մշակոյթին եւ ֆրանսական օրէնքի իշխանութեան դէմ պատերազմի մը սկսած պիտի ըլլայ: Սահմանադրական խորհուրդին նման բարձրագոյն մակարդակի իշխանութեան մը վճիռը վիճարկելը իրեն համար շատ ցաւալի պիտի ըլլայ», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ «պէտք է յանուն (Հայաստանի հետ) մեր հասարակաց պատմութեան կամուրջները բաց ձգենք: Եւ մեր հասարակաց պատմութիւնը պէտք չէ այս կամ այն ղեկավարին քաղաքական փառամոլութեանց ի սպաս զոհաբերուի»:
Սարքոզիի գրասենեակը յայտնած է, որ ան նոր բանաձեւի մը պատրաստութիւնը պահանջած է կառավարութենէն: