ԱՄՆ երեք ծերակուտականներու կողմէ բանաձեւ մը առաջադրուած է, որով կոչ կÿուղղուի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ճնշումներ գործադրել Թուրքիոյ նկատմամբ, վերադարձնելու համար սեփականացուած քրիստոնէական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դաւանանքի կատարեալ ազատութիւն տալու մասին:

Հ.Յ.Դ. ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ բանաձեւը մասնաւոր կոչ կÿուղղէ Թուրքիոյ՝ հայկական եւ յունական եկեղեցիներու գոյքի տնօրինման եւ առանց խոչընդոտներու կրօնական հաւաքներու, դասընթացներու կազմակերպման հնարաւորութիւն տալու մասին: