ԳԱՀԻՐԷ (Արմաւենի) - Ֆրանսայի Խորհրդարանի ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը չի կրնար հակասահմանադրական համարուիլ, ըստ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի տնօրէնին:


«Մեր տրամաբանութեամբ, օրէնք մը, որ երկրի խորհդարանի երկու պալատները ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունած են, չի կրնար հակասահմանադրական համարուիլ, սակայն կրնան որոշ փոփոխութիւններ առաջարկուիլ,» ըսած է Հրաչ Վարժապետեան Գահիրէի մէջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Վարժապետեան, որ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ բանախօսութիւն արտասանեց հայ դատի վերջին իրադարձութեանց մասին, կարեւորած է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արծարծել Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, յետ վերջերս տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն: «Այս խնդիրը դրուած է մեր օրակարգին վրայ եւ ամէն կերպով կÿաջակցինք, սակայն արաբական երկրներուն մէջ հայ համայնքներէն ներս գործող Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախւմբերու գործն է տեղին ջանադրաբար աշխատիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար»:
Վարժապետեան կը հաւատայ, որ շատ կարեւոր է այս հարցը ճիշդ ներկայացնել այս շրջանի երկիրներուն մէջ, «քանի որ Թուրքիան արաբական աշխարհի համակրնաքը ստանալու համար յաճախ հարցը կրօնական հողի վրայ կը դնէ, սակայն մեր պահանջատիրութիւնը Թուրքիոյ ազգային է, բայց ոչ երբեք կրօնական»:
Լիբանան 22 երկիրներէ բաղկացած Արաբական Լիկայի միակ անդամն է, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Լիբանանի խորհրդարանը զայն ընդունած է Ապրիլ 1997-ին:
Միւս կողմէ, Վարժապետեան կը նկատէ, որ «աշխարհի 21 պետութիւններ ընդունած են ցեղասպանութեան փաստը եւ մեզի համար այս հարցին առաջին կէտը՝ փաստի ճանաչումը,  այլեւս լուծուած է, հիմա մենք երկրորդ հանգրուանին մէջ ենք՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ եւ հատուցում»:
Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին կապակցութեամբ պետութիւն-սփիւռք համագործակցութիւնը կÿընթանայ պետական բարձր ատեաններու մակարդակով եւ հիմնական խնդիր դրուած է հատուցումը, ըսած է ան:
«Հատուցում ըսելով կը հասկնանք երկու բան», կ'ըսէ Վարժապետեան. «Առաջինը՝ Հայկական հողերու վերադարձ Թուրքիոյ կողմէ Սեւրի դաշնագրով ընդունուած պայմանագրին համաձայն եւ երկրորդ՝ նիւթա-բարոյական հատուցում միջազգային իրաւունքի ընդունուած նորմերով»:

(Թղթակից՝ Նեկտար Պալեան Յարութիւնեան This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it., խմբագիր՝ Մուրատ Յարութիւնեան This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it., Լուսալրագրող՝ Օհան Ճանիկեան This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.)