Չորեքշաբթի, Մարտ 7ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին Սարքոզի վերահաստատեց Ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը առաջարկելու իր մտադրութիւնը, որովհետեւ անընդունելի կը նկատէ Ֆրանսայի տարածքին ապրող հայ ժողովուրդին դիմագրաւած Ցեղասպանութեան իրողութեան ժխտումը։ Ան աւելցուցած է, թէ նոր օրինագիծը պիտի ներկայացնէ ընտրութիւններէն ետք:
Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մուրատ Փափազեան հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Մենք պիտի շարունակենք պայքարը, մինչեւ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Հիմա, թէ՛ Սարքոզին, եւ թէ (Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու) Ֆրանսուա Հոլանտ խոստացած են նեցուկ կանգնիլ մեր արդար պայքարին», ըսաւ Փափազեան:
Ըստ Էլիզէ պալատի հրապարակած հաղորդագրութեան, հանդիպումին առիթը Ֆրանսայի խորհրդարանի զոյգ պալատներուն որդեգրած՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ հակասահմանադրական ճանչնալու փաստն է:
Էլիզէի պալատի ղեկավարը անգամ մը եւս հաստատած է, որ հակառակ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին, ինք մտադիր է Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած նոր օրինագիծ առաջարկելու:
«Ես ձեզի կը վստահեցնեմ բանաձեւը յաջողութեան հասցնելու իմ անկեղծ մտադրութիւնս», ըսած է Սարքոզի:
Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական խորհուրդի վճիռին հրապարակումէն անմիջապէս ետք Սարքոզի կառավարութեան յանձնարարեց նոյնպիսի նոր օրինագիծ մը մշակել: