Մարտ 5ին, Սամցխէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «ԱՅ-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան հասած է Եւրոպա՝ քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներ ունենալու նպատակով:

Մարտ 6ին, Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակին աջակցութեամբ, Արտակ Գաբրիէլեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն եւ Եւրոպական Միութեան տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Առանձին հանդիպումներ կայացած են նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխ նախագահ Էորղոս Փափասթամքոսի (Եւրոխորհրդարանի Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան անդամ), Թրայեան Ունկուրէանուի (Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ եւ Սեւ-ծովեան հարցերով զեկուցաբեր, Եւրոնեսթի փոխ նախագահ) եւ Անտրէյ Քովաչեւի հետ (Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխ նախագահ): Անոր ընկերակցած են Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակէն Գասպար Կարապետեան եւ Պետօ Տէմիրճեան։  Տեսակցութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 9 Մարտ։
Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Արտակ Գաբրիէլեան իր զրուցակիցներուն յանձնած է Սամցխէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի կողմէ յուշագիր մը, ուր ներկայացուած են շրջանի հայութեան դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ լուծման ձեւերն ու ջաւախքահայութեան պահանջները՝
ա) Վերջ տալ երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ճիգերուն.
բ) Տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ բարելաւել հայերուն  ներկայացուածութիւնը.
գ) Ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ, որպէսզի շրջանի վիճակը նման ըլլայ այլ շրջաններու կացութեան.
դ) Ազգաբնակչութեան հայ մեծամասնութիւն ունեցող վարչական շրջաններու կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք.
է) Վրաստանի մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակ Սամցխէ Ջաւախքին եւ յարակից Ծալկա շրջանին:
Արտակ Գաբրիէլեան իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք Պրիւքսէլ կը գտնուի, որովհետեւ Վրաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ պատասխան կու տան իրենց կողմէ կատարուած դիմումներուն եւ Եւրոպական Միութիւնը եւ ընդհանրապէս Եւրոպան պէտք է աջակցին՝ Ջաւախքի հարցերը ճիշդ ձեւով լուծելու գործին։