կը գրէ Վաթան թերթը, ակնարկելով Ինճիրլիքի խարիսխի սեփականացուած հողատարածքներուն

Շաբաթներ առաջ թրքական իշխանութիւնները դէմ յանդիման գտնուեցան դատական որոշումի, որ  կը պարտաւորեցնէր Անգարան՝ պատասխանող կողմ դառնալ երեք հայերու կողմէ բացուած դատական գործընթացին:

Սակայն թրքական կողմը կը հրաժարի «ներկայանալ դատարան», որուն պատճառով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիւանագիտական կոչ ուղղած է Անգարային եւ պահանջած պատասխանող կողմ դառնալ այդ դատական գործընթացի մէջ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Վաթան» օրաթերթը:
«Երէք հայեր` Ալեքս Բակալեան, Անայիս Յարութիւնեան եւ Ռիթա Մահտեսեան, դիմում ներկայացուցած են ընդդէմ Թուրքիայի կառավարութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ Գիւղատնտեսական դրամատան ու կը պահանջեն իրենց պապերու կորսնցուցած ունեցուածքի համար 63 միլիոն 900 հազար տոլարի փոխ հատուցում: Բացի այդ, դիմող կողմը կը պահանջէ նաեւ վճարել ԱՄՆ-ի կողմէն վարձակալուող Ինճիրլիք ռազմակայանի վարձակալութենէն ստացուած եկամուտներու մէկ մասը: Այսպիսով, Թուրքիան, որ կը հրաժարի այդ դատական գործընթացի մէջ դառնալ պատասխանող կողմ, կանգնած է ընդհանուր առմամբ 100 միլիոն փոխհատուցում վճարելու վտանգի առջեւ» կը գրէ «Վաթան»ը:
Յիշեցնենք, որ դատական դիմումը Լոս Անճելըսի դատարան երեք հայերու անունով ներկայացուցած է փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանը:
«Թուրքիոյ կառավարութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ Գիւղատնտեսական դրամատան դէմ հայց ներկայացուցած երեք հայերը թրքական իշխանութիւններէն կը պահանջեն 63.9 միլիոն տոլարի փոխհատուցում: Անոնց պապերուն Ատանայի մէջ պատկանած է 49,5 հեքթար հողատարածք, ինչպէս` Ինճիրլիքի ամերիկեան ներկայիս ռազմակայանի տարածքը: Այս բոլորը անոնց պապերէն խլուած է 1915ին: Իսկ Թուրքիան Ինճիրլիքի ռազմակայանը տրամադրելով Միացեալ Նահանգներուն` մեծ եկամուտներ ապահոված է իրեն համար», կըսէ Եղիայեան։