Թրքական «Թաքուիմ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական կառավարութիւնը վերականգնած է շաբաթներ առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ չեղեալ նկատուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները.

Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդը որոշեց շաբաթներ առաջ օրէնսդիր մարմնոյ կողմէ չեղեալ յայտարարուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերադարձնել խորհրդարան:
Յիշեցնենք, որ անցած ամիս Թուրքիոյ նոր գումարման խորհըրդարանին մէջ անվաւեր նկատուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման մասին արձանագրութիւնները: Նախորդ գումարմանը ներկայացուած համաձայնագրերու եւ պայմանագրերու 171 նախագիծերէն 166-ը նոյնպէս որոշուած է վերադարձնել խորհրդարան:
Ի՞նչ է իրականութեան մէջ հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարան վերադարձնելու Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի այս որոշումը։  «Երկիր մեդիա» հեռուստաընկերութեան պարզաբանումներ տուաւ «Ռատիքալ» օրաթերթի խորհրդարանական մեկնաբան Ռիֆաթ Բաշարանը:
 «1993 թուականէն այս կողմ ԼՂ հիմնախնդիրը նախապայման եղած է Թուրքիոյ համար, եւ երբ մի քանի տարի առաջ արձանագրութիւնները ստորագրուեցան, այս նախապայմանը նորէն վաւերական էր:
Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական համակարգը  հետեւեալ կերպով կը գործէ. երբ Յուլիս տասներկուքին նոր խորհրդարան ձեւաւորուեցաւ, նախկին խորհրդարանին մէջ քըննարկման չդրուած նախագիծերը ինքնաբերաբեր  խորհրդարանի կամ ալ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգէն դուրս մնացին:
Մինչ նոր խորհրդարանի հերթական նստաշրջանի բացումը՝ Հոկտեմբեր մէկին, նախարարներու խորհուրդը այդ ծրագրերն ու նախագիծերը նորէն օրակարգի կը բերէ: Այսպիսով, շատ նախագիծեր տարիներ շարունակ կարող են սպասման փուլ անցնիլ ու չքննարկուելով՝ նորէն դուրս մնալ, եւ այսպէս՝ երկար տարիներ: Այսպիսին է նաեւ արձանագրութիւններու գործընթացը:
Եւ այս պահու դրութեամբ ոչ մէկ արտառոց կամ ալ Թուրքիոյ օրակարգի համար մեծ ազդեցութիւն ունեցող գործընթաց չկայ: Թուրքիան կը շարունակէ ԼՂ հիմնախնդրի լուծում ստանալու եւ Ցեղասպանութեան ընդունումէն հրաժարելու իր դիրքորոշումը»,- մեկնաբանեց լրագրողը: