Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ՄԱԿի մէջ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, յայտարարած է, որ եթէ կողմերէն մէկը ապօրինաբար ուժ կիրարկէ, Ռուսիա պատրաստ է շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար կարելին ընելու:

«Խնդիրի խաղաղ լուծման համար մենք կը շարունակենք առաջադրել լրացուցիչ կարելիութիւններ, որոնք ի յայտ եկած են Ռուսիոյ ջանքերուն եւ միջնորդութեան իբրեւ արդիւնք: Մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ գործընկերներ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին պիտի շարունակենք յառաջ շարժել տագնապին խաղաղ լուծումը», ըսած է ան: