Սլովաքիա կը շարունակէ պնդել, թէ մինչեւ Եւրոմիութեան անդամակցիլը, Թուրքիա պէտք է հասնի առաջադրուած բոլոր չափանիշերուն. այսպէս ըսած է Սլովաքիոյ խորհրդարանի նախագահի խորհրդական Թոմաշ Զալեշաք, որ նաեւ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին՝ յիշեցնելով, որ երկրին խորհրդարանը վաւերացուցած է քանի մը յայտարարութիւններ՝ ցեղասպանութիւններու եւ անոնց ուրացման մասին:
Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ՝ Սլովաքիոյ խորհրդարանը 2004ի Նոյեմբեր 30ին վաւերացուցած էր թիւ 1341 բանաձեւը, ուր նշուած էր, թէ Սլովաքիոյ խորհրդարանը կը ճանչնայ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ զայն նկատելով մարդկութեան դէմ ոճիր: Այս ծիրէն ներս Զալեշաք յիշատակած է մէկ այլ բանաձեւ եւս, որը կÿարտայայտէ Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու վերաբերեալ Սլովաքիայի դիրքորոշումը: Հոն նշուած է, որ Սլովաքիայի կառավարութեան անդամները պէտք է աջակցին այնպիսի դիրքորոշման, որ պիտի ստիպէ Թուրքին բանակցութիւններու ընթացքին յարգել առաջադրուած չափանիշներու իրականացման կարեւորութիւնը, առանց որու Թուրքիան չի կրնար դառնալ ԵՄ լիիրաւ անդամ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն որակելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են նաեւ խորհրդարանի քրիստոնեայ դեմոկրատները:
Բացի այդ, Զալեշաք նշած է, որ Սլովաքիայի խորհրդարանը օրակարգի վրայ ունի Ցեղասպանութիւններու ժխտման օրակարգը: