Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Փոլիթիք ինթերնասիոնալ» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:

Ռոյթըրզ գործակալութիւնը վերջին օրերուն յայտարարած էր որ Թուրքիա գործակցելով Սուուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի երկիրներուն հետ, Սուրիոյ ապըստամբներուն զինուորական օժանդակութիւն կատարելու համար Ատանայի մէջ զինուորական գաղտնի խարիսխ մը հաստատած է։

Իրանական «Արան նիուզ»ի համաձայն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները համոզած են ատըրպէյճանական իշխանութիւնները՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ ընդդիմութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերուն վերաբնակեցման գործընթացը կանխարգիլելու նպատակով:

Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Իսլամական Համագործակցութեան կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս դատապարտած է Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներու «գրաւումը»:

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները կը շարունակուին: 2010-ին վերակառուցուած եկեղեցին մինչեւ հիմա  զանգ չունէր: