Մահացած ատրպէյճանցի զինուոր Պարվիզ Իսկանտերլիի մայրը՝ Քիֆայատ Իսկանտերլին, յայտարարած է, որ իր զաւկի, ինչպէս եւ 7 զինակիցներու օրկանները վաճառուած են արտասահման:
«Երկիր մետիա»  վկայակոչելով Pan-Armenian.net-ի փոխանցումը կը յայտնէ թէ, Պարվիզ Իսկանտերլիի մահուան պաշտօնական վարկածը

ինքնասպանութիւն  անուանուած է, այսուհանդերձ զինուորի մայրը կը պնդէ, որ զօրամասի չորս սպաներ իրեն ծեծելով սպաննած են՝ կոտրելով ձեռքը, ոտքը եւ պարանոցը, անկէ ետք ալ երիտասարդ տղուն կախած են ծառէն: Ըստ զինուորի մօր խօսքերուն, երբ Պարվիզի դին յանձնուած է հարազատներուն, իրենց ըսուած է ան մահացած է 4 ժամ առաջ, բայց մարմինէն արդէն նեխահոտ կուգար:  Մօր խօսքերուն համաձայն, մարմնին վրայ կային  ծեծի հետքեր, աւելին, Պարվիզ Իսկանտերլիի օրկանները հեռացուած էին:
Քիֆայատ Իսկանտերլիի խօսքով, ան  յաջողած է պարզել, որ մէկ ամսուայ ընթաց- քին կասկածելի պայմաններու տակ մահացած են 8 զինուորներ, որոնք զինուորական ծառայութիւն կը կատարէին այդ զօրամասէն ներս: Ան կÿըսէ թէ անոնց օրկանները վա-ճառուած են արտասահման: