Ռոյթըրզ գործակալութիւնը վերջին օրերուն յայտարարած էր որ Թուրքիա գործակցելով Սուուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի երկիրներուն հետ, Սուրիոյ ապըստամբներուն զինուորական օժանդակութիւն կատարելու համար Ատանայի մէջ զինուորական գաղտնի խարիսխ մը հաստատած է։


Քաթարէն լրատու աղբիւր մը այս մասին հետեւեալը հաղորդած էր. »Ճամբարի հակակշիռը կը գտնուի Թուրքերու ձեռքը։ Թուրքիան գլխաւոր կազմակերպիչ եւ դիւրացնող ոյժ է։ Եռանկիւն մը երեւակայեցէք։ ագաթին վրայ կը գտնուի Թուրքիան, իսկ խարիսխի անկիւններուն մէջ կը գտնուին Սուուտական Արաբիան եւ Քաթարը։ Ամերիկացիներ այս գործին միջամուխ չեն ըլլար։ Ամերիկայի գործակալութիւնը այս կացութեան կը հետեւի միջնորդներու միջոցով։ Միջնորդները զէնքերու եւ անցքի ճամբաներու ապահովումը կը հակակշռեն«։ Այս լուրէն մէկ քանի օր վերջ երեւան ելած էր որ Ամերիկայի Նախագահ Պարաք Օպամա Թուրքիոյ հրամանատարութեան կեդրոնի մը հետ գամագործակցելով Սուրիացի ընդդիմադիրներուն զօրակցելու մասին հրաման արձակած է։ Այս մասին պնդուեցաւ որ հրաման արձակելու կեդրոնը կը գտնուի Ատանայի մէջ։