Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Իսլամական Համագործակցութեան կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս դատապարտած է Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներու «գրաւումը»:
Օգոստոսի կիսուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած վերոյիշեալ կազմակերպութեան արտակարգ նիստին, իսլամական աշխարհը յուզող հարցերու՝ Սուրիոյ, Պաղեստինի, Մալիի եւ Պուրմայի իրադարձութեանց կարգին, յիշուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Ժողովի աւարտին, վաւերացուած է միացեալ հռչակագիր մը, որուն մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները քննադատած են «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի որդեգրած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանին կոչ ըրած են իր զօրքերը դուրս հանելու ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներէն»: