Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլենթ Առընչը հանդիպած է երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու հետ. այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը:
Իր ելոյթին փոխ վարչապետը նշած է, որ «Աաստուծոյ կամքով իրենք եւս առ-նուազն 10 տարի իշխանութեան գլխուն պիտի ըլլան»:
Դիմելով հաւաքուած փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ Առընչն ըսած է. «Թուրքիան խառնել փորձողներ, մեր բարեկամութեանը վնաս
հասցնել ուզողներ, համայնքներու միջեւ պառակտում մտցնողներ շատ կ'ըլլան: Սակայն թէ մենք, թէ դուք պէտք է արթուն ըլլաք»: Ան նշած է, որ անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու պատճառով համայնքներու բազմաթիւ անդամներ լքած են Թուրքիան:
Պիւլենթ Առընչը դիմելով հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, անդրադարձած է նաեւ 1915-ի իրադարձութիւններուն:
«Շատ դժուար օրեր եղած են: Օսմանեան կայսրութեան անկումը, տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները՝ Տրապիզոնի, Մալաթիոյ մէջ… մինչեւ Սթամպուլի մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը: Անոնք անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններ են, որոնց թիւը աստիճանաբար կը նուազի»,- ըսած է ան ու աւելցուցած . «Բայց իրականութիւնը այն է, որ անիկա (1915ը) նաեւ մեր ողբերգութիւնն է: Անոնց մէջ հայեր եւ թուրքեր կային»,- ըսած է: