Հայկական կառոյցները կը զգուշացնեն

Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի հայկական կառոյցներու  պատասխանատուները  հանդէս եկած են նախազգուշական յայտարարութեամբ, ի տես վաղը Յուլիս 27ին, Լատին Ամերիկա նախատեսուած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի  պաշտօնական այցելութեան:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդէս եկած է ըսելով, թէ «հայկական լոպին մեր թիւ մէկ թշնամին է»:
«Մետիամաքս» կը հաղորդէ թէ ան ելոյթ ունեցած է իր երկրի նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, հերիւրանքներով լեցուն խօսքեր արտասանելով.

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը՝ ՄԻԹը (MIT), յայտարարութիւն մը տարածած է այն մասին, որ այսուհետեւ աշխատանք պիտի հայթայթէ հայերէն իմացող աշխատակիցներու:

«Ատրպէյճանի անհետեւողական քաղաքականութիւնը կը  վտանգէ  Հայաստանի ջանքերը»  կը  յայտարարէ ՄԱԿի  ընդհանուր քարտուղարը

Հրապարակուած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի «Աւանդական սպառազինութիւններու վերահսկումը տարածաշրջանային ու ենթատարածաշրջանային մակարդակներով» զեկոյցը, որուն մէջ ներկայացուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններու հետ կապուած իրավիճակը:

Սուրիոյ ազատ բանակը յայտարարած է, թէ գրաւած է թուրք-սուրիական սահմանային կէտեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը: