«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպում մը ունեցած է «Արդարութեան պահանջ ունինք» խմբակի անդամներուն հետ, որոնք Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով նոր դատավարութիւն կատարել եւ արդարութիւնը  վերականգնել կը

պահանջեն: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը  ընթացքին խմբակի բանբեր Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու նշած է, որ Հրանդ Տինքի դատավարութեան արդիւնքը զիրենք հիասթափեցուցած է, եւ իրենք Կիւլին այցելած են՝  նոր դատավարութեան սկսելու առաջարկով:
Ան տեղեկացուցած է, որ իրենք Կիւլին հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ Վերահսկիչ պալատի զեկուցումէն ետք Տինքի սպանութեան գործով որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած:
«Նախագահ Կիւլ ըսաւ, որ ինք ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ հոլովոյթին, եւ կառավարական ամէնէն բարձր մակարդակով հրապարակուած այս զեկուցումը դարակը պիտի չմնայ», Կիւլի խօսքերը փոխանցած է Կերկերլիօղլու:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին անմիջական կերպով ենթարկուող պետական Վերահսկիչ պալատը Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով ուսումնասիրութիւն կատարած էր, ապա հրապարակած էր 653 էջնոց զեկուցում մը, որուն մէջ նշուած էր, որ ապահովական մարմինները նախապէս տեղեակ եղած են Տինքի սպառնացող վտանգին մասին, սակայն համապատասխան քայլեր չեն ձեռնարկած: