Թրքական «CNN turk» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումին մեղադրանքով կալանաւորուած Մուրատ Նազարեան դատական առաջին նիստին ընթացքին հերքած է իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ինք ոչ մէկը սպաննած է:

Պրիւքսելի մէջ 21 Յունիսին, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն, Ատպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք, հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կէտեր կան, որ կարեւոր է մատնանշել,

Մուշի մէջ պատմական հայկական տուներու ոչնչացումը կանխելու նպատակով Թուրքիոյ մէջ ելեկտրոնային ստորագրահաւաք սկսած է: Այս մասին կը տեղեկանանք imzakampanyam.com կայքի մէջ տեղադրուած հաղորդագրութենէն։

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու նոր փուլը պիտի սկսի Հոկտեմբերին, երբ պիտի հրապարակուի Եւրոպայի Յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը Թուրքիոյ արձանագրած յառաջընթացի վերաբերեալ:

Բաւական ժամանակէ ի վեր մրցոյթ յայտարարուած էր յունական ՏԵՍՖԱ կազի ընկերութեան բաժնի մը վաճառման կապակցութեամբ: Այս մրցոյթին միակ մասնակիցը ազերիական Socar ընկերութիւնն էր, որ շատ ցած գումարով առաջարկ մը ներկայացուցած էր: