«Սիվիլնեթ» կը տեղեկացնէ, թէ թուրք լրագրող, հրատարակիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը լուրջ դժուարութեանց դիմաց կը գտնուի ու կրնայ նոյնիսկ փակուիլ, ինչ որ հարուած մը պիտի հասցնէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն:

ՑՆՑԻՉ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ ՄԸ «ԱԿՕՍ»Ի ԹՐՔԵՐԷՆ ԷՋԵՐԷՆ

Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեան վարժարանները խստօրէն կը հետապնդուին կրթական նախարարութեան կողմէ: Այս բացայայտումը կը կատարէ «Ակօս» թերթը, յաւելեալ մատնանշելով, թէ կանոնագրութիւններու հիմամբ՝ բացարձակապէս արգիլուած է տուեալ փոքրամասնութեան չպատկանող անձերուն՝ այդ դպրոցները յաճախելը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պատմական Հայաստանի Կարս նահանգի Աքիաքայի շրջանէն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատած Մուսթաֆա Ուլքերի դիակը Հինգշաբթի, Օգոստոս 1ին յանձնուած է թրքական կողմին:

"Թարաֆ" թերթը, որ վերջին երկու օրերուն պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ տեսակցած էր 1915ի հայերուն լքուած գոյքերուն մասին, հրատարակած է Հրանդ Գասպարեանի ստորագրութեամբ թղթակցութիւն մը, որուն մէջ

Թրքական «Ռատիքալ» թերթը արձագանգ հանդիսացաւ Մշոյ մէջ նոր քաղաքաշինութեան նպատակով կատարուած փլուզումներուն, որոնց զոհ պիտի երթան հայերէ մնացած վերջին տուներն ու շէնքերը։