Քաղաքական եւ հասարական ծանր մթնոլորտ կը տիրէ Պոլսոյ մէջ, ոստիկանութեան ամէնաբիրտ վերաբերմունքի ցուցադրութենէն ետք, որ կոպիտ միջոցներու դիմելով՝ դարձեալ փորձեց պարպել Թաքսիմի հրապարակը ցուցարարներէն:

 Մօտ երեք շաբաթ անցած է արդէն, բայց ցուցարարները անդրդուելի կը մնան իրենց կեցուածքին վրայ, մերժելով հեռանալ Թաքսիմի հրապարակէն: Էրտողան իր կարգին կը պնդէ, թէ «իր պարտականութիւնն է մաքրել Թաքսիմի հրապարակը, այլապէս իմաստ չունի իր պաշտօնին վրայ մնալը»...: Ան յիշեցուցած է, թէ ինք հրապարակէն հեռանալու նախազգուշական կոչով հանդէս եկած էր մէկ օր առաջ: Թուրքիոյ վարչապետը դատապարտած է միջազգային լրատուամիջոցները՝ դէպքերու արձագանգումին կապակցութեամբ, նշելով թէ միակողմանի ձեւով կը ներկայացուին լուրերը: