Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու նոր փուլը պիտի սկսի Հոկտեմբերին, երբ պիտի հրապարակուի Եւրոպայի Յանձնաժողովի տարեկան զեկոյցը Թուրքիոյ արձանագրած յառաջընթացի վերաբերեալ:
Todayþs zaman թրքական պարբերականի հաղորդմամբ՝ բանակցութիւններու յետաձգումը կասկածներու դուռ բացած է, եթէ 76 միլիոն բնակչութեամբ մահմետական երկիրը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ: Պարբերականը կը նշէ, որ միւս կողմէ՝ Սեպտեմբերին Գերմանիոյ մէջ պիտի կայանան ընտրութիւններ եւ վարչապետ Անկելա Մերքել, հաւանաբար պիտի մեղմացնէ իր դիրքորոշումը այս գծով:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիան եւ Ֆրանսան էին որ նախապէս հանդէս եկած էին բանակցութիւնները յետաձգելու առաջարկով: Անկելա Մերքել դէմ արտայայտուած էր Թուրքիոյ անդամակցութեան եւ իր նախընտրական ծրագրին մէջ որպէս պատճառ նշած էր այն բռնի միջոցները, որոնց դիմած էր Անգարայի ղեկավարութիւնը, երկրէն ներս հակակառավարա- կան բողոքի ցոյցերը կասեցնելու համար։
Այդ կեցուածքին հակազդելով՝ Անգարա խոստացած էր խիստ արձագանգել, եթէ անդամակցութեան բանակցութիւնները յետաձգուէին, այսուհանդերձ՝ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայ- տարարած է, որ ակնկալելի էր յետաձգումը...։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու կարեւոր համարած է որոշման կայացումը՝ նոր փուլ սկսելու վերաբերեալ։ Ան յոյս յայտնած էր նաեւ, որ այլեւս ճգնաժամային իրավիճակներ տեղի չեն ունենար եւ վերջապէս բանակցային գործընթացը այլեւս չի յետաձգուիր։