ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ «իֆթար»ի ճաշկերոյթի մը ընթացքին պնդեց, թէ վերջին  քանի մը տարիներուն երկրին մէջ յատկանշական բարեկարգումներ տեղի ունեցած են՝ երկիրը աւելի մօտեցնելով Եւրոմիութեան չափանիշերուն: Իբրեւ օրինակ ան

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը Պոլսոյ Սանասարեան խանի շէնքը քսան տարիով վարձակալութեան տալու համար մրցում յայտարարած է:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Քարնըկի» հիմնարկի մասնագէտներէն Թոմաս տը Վաալ արտայայտուած է Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի ու Հայաստանի միջեւ շարունակուող հակամարտութեան մասին ու պաշտպանած է այն կարծիքը, թէ պատերազմ մը հաւանական չէ այս երեքին միջեւ, իսկ եթէ պատերազմ մը պայթի, ապա, այդ պարագային, հայերը պիտի ունենան երկու առաւելութիւն։

ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ ՈՐ ՀԻՆԷՆ Ի ՎԵՐ ԿԸ ՏԱՆՋԷ ՇԱՏԵՐՈՒ ՄԻՏՔԸ

Նոր չէ որ կ'ուղղուի այս հարցումը. հինէն ի վեր մենք մեզի եւ մենք իրարու հարցուցած ենք թէ իսկապէս ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վրայ մնացած հայկական յուշարձաններուն:

«Թուրքիան Եւրոպայի մաս չէ, եւ պարտաւորուած չենք իրեն ընդունիլ Եւրոմիութենէն ներս» ըսած է Գերմանիոյ ֆինանսներու նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ: