Թրքական «CNN turk» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումին մեղադրանքով կալանաւորուած Մուրատ Նազարեան դատական առաջին նիստին ընթացքին հերքած է իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ինք ոչ մէկը սպաննած է:

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով երկրորդ դատարանին մէջ տեղի ունեցած է պոլսահայ կիներուն դէմ յարձակումներու գործով ձերբակալուած Մուրատ Նազարեանի դատական առաջին նիստը:

Յարձակումներու զոհերու դատապաշտպան Էրեն Քեսքին դատական նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ մեղադրական զեկուցումը թերի է, որովհետեւ յանցանքներու ժամանակաշրջանին շարք մը կիներու դէմ տարբեր վայրերու մէջ յարձակումներ տեղի ունեցած են: Ան պնդած է, որ յարձակումի ենթարկուած կիները կը միաւորէ մէկ բան՝ հայ ըլլալը, իսկ սպանութեան դաժանութեան ուշադրութիւն դարձնելով‘ կարելի է եզրակացնել, որ անիկա ատելութեան հողի վրայ կատարուած սպանութիւն է: Ըստ փաստաբանին, հետաքննութեան ժամանակ յայտնի դարձած է, որ դէպքի վայրին մէջ ականատեսներ յաւելեալ երկու անձ տեսած են, սակայն այդ փաստին վրայ ուշադրութիւն չէ դարձուած...