Բաւական ժամանակէ ի վեր մրցոյթ յայտարարուած էր յունական ՏԵՍՖԱ կազի ընկերութեան բաժնի մը վաճառման կապակցութեամբ: Այս մրցոյթին միակ մասնակիցը ազերիական Socar ընկերութիւնն էր, որ շատ ցած գումարով առաջարկ մը ներկայացուցած էր:
Capital.grի նոր տուեալներու հիմամբ՝ ազերիական ընկերութիւնը բարձրացուցած է իր առաջարկը՝ 400 միլիոն եւրօ գումար առաջարկելով, ՏԵՍՖԱի 66%ը գնելու համար: Այսուհանդերձ, առաջարկուած գումարը դարձեալ ցած կը մնայ, բաղդատելով ընկերութեան տնտեսական արժէքի կարողականութեան:
Յունական մամուլը լուսարձակի տակ կը բերէ հարցը, մատնանշելով թէ տնտեսական հետաքրքրութենէն զատ, առաջարկը աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն կը ներկայացնէ՝ Ատրպէյճանէն դէպի Եւրոպա հասնող կազի հարաւային ճանապարհի (TAP) նախընտրութեան ցուցանիշ հանդիսանալով: Այլընտրանքային կը մնայ յոյն-թրքական սահմանագիծէն սկսող, Ալպանիան ճեղքող եւ Իտալիա հասնող Նապուքօ կազատարի ծրագիրը, որ Յունաստանի սահմաններէն դուրս կÿանցնի:
Վերջնական որոշումը կը նախատեսուի կայացնել Յունիսի վերջաւորութեան:
Նշենք, որ յունական ՏԵՍՖԱ ընկերութիւնը բնական կազի ազգային համակարգի մատակարարումը ստանձնած ընկերութիւնն է, որու կը պատկանին յոյն-պուլկարական սահմանագիծէն սկսող եւ մինչեւ Ատիկէ հասնող կազատարը, ինչպէս եւ Ռեվիթու
սայի կազի պահեստային լրիւ համակարգը:
Յունաստանի միջավայրի փոխ նախարար Ասիմաքիս Փափաեորղիու դիտել տուած է թէ Socar-ի հետ հաւանական համաձայնութեան պարագան՝ գերակշիռ կը դարձնէ TAP կազատարի գործադրումը: