Պրիւքսելի մէջ 21 Յունիսին, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն, Ատպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք, հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կէտեր կան, որ կարեւոր է մատնանշել,
տեսնելով թէ Յանձնաժողովի նախագահը ստորագնահատած է իր հիմնական պատասխանատուութիւնը՝ խթանել եւ պաշտպանել մարդոց իրաւունքները եւ գերադասել Եւրոպական Միութեան մէջ գործող օրէնքներու եւ բարոյական արժէքներու գերակայութիւնը։
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ թէ նախագահ Պարոզոյի 818 բառերէ բաղկացած գրութեան մէջ, կայ նուազ քան 50 խօսք, ուր յղում կը կատարուի մարդոց իրաւունքներուն, իսկ զգաստութեան նոյնիսկ մէկ խօսք չէ ուղղուած նախագահ Ալիեւին՝ դադրեցնելու հալածանքներն ու մարդոց իրաւունքներու դաժան խախտումները, կայսերապաշտական Ատրպէյճանի մէջ։