ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտը իր պաշտօնական կայքէն վերցուցած է «Հատուածներ պատմութենէն» բաժինին մէջ տեղադրուած «1914-1918 թուականներուն հայերու գործունէութիւնը՝ արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ» ենթաբաժինը, որուն նպատակն էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալ:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստը, որ ընդհանրապէս ամէն ամսուան վերջին օրերուն կը գումարուի, Հոկտեմբեր 30ի նիստով արձանագրեց իր պատմութեան ամէնէն երկարատեւ նիստը՝ տասը ժամ ու քսան վայրկեան։

Ներկայիս Թուրքիան, որպէս հանրապետութիւն, գոյութիւն ունի 91 տարի: Հոկտեմբեր 29-ը թրքական պետութեան հերթական տարեդարձն էր, որը պաշտօնապէս միշտ կը նշուի մեծ շուքով:

Թուրքիա բնակող քիւրտերու «ժողովուրդներու դեմոկրատական կոնգրէս» (HDK) կազմակերպութիւնը իր կողմէ տարածուած շրջաբերականին մէջ նշած է, որ Թուրքիան պէտք է ընդունի 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իր մեղքը:

Պոլսոյ ծանր յանցանքներու 5-րդ դատարանը որոշում տուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսելու զերոյէն:

Թրքական «Սապահ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ դատարանը նկատի առած է վճռաբեկ ատեանի որոշման բովանդակութիւնը՝ վճռելով Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալները եւ դատապարտուածները նոր դատավարութեամբ դատել: