Հոկտեմբերի 7-ի գիշերը Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ սկսած են անկարգութիւններ: Ցուցարարները փողոց ելած են բողոքելու Սուրիոյ քրտաբնակ Քոպանի քաղաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն դէմ: Անկարգութիւններու հետեւանքով երկրի մէջ մահացած է 15 մարդ: 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թարաֆ» թերթի հրապարակագիր Մուրատ Պելկէի ու «Ճումհուրիյէթ» թերթի թղթակից Այտըն Էնկինի դէմ մահուան սպառնալիք կատարուած է։

Սեպտեմբեր 18ին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Եւրոպական Խորհրդարանը հաստատելով իր նախորդ բանաձեւերը՝ որդեգրեց բանաձեւ մը, դատապարտելով Ատրպէյճանը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանողները հալածանքի ենթարկելուն դէմ եւ կոչ ուղղեց թիրախային  պատժամիջոցներու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին դէմ, ինչպէս նաեւ վիզա ստանալու ճնշումներուն անմիջական պատասխանատու անձերու հանդէպ:

Յունաստանի խորհրդարանէն ներս 9 Սեպտեմբերին քուէարկուած հակացեղապաշտական օրէնքին դէմ կը բողոքեն թուրքերը, որոնք Իզմիրի մէջ ցոյց մը կազմակերպեցին՝ իրենց բուռն հակառակութիւնը յայտնելու համար Հայոց եւ Պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեանց մերժումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնած է, թէ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները յառաջ տանելու գործին մէջ իր բաժինը կատարած է, եւ «բոլորը կարիք ունին իրարու հետ ապրելու՝ խուսափե- լով անցեալին պատահածը նշելէ»: