Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Անն Պրայսոր դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ ծանօթ իրաւաբան Խալիտ Պագիրովի գործունէութեան կասեցումը:

Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, թուրք փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի «Հայերու Բռնի Իսլամացումը. Լռութիւն, Ժխտում Եւ Ուծացում» գիրքը («Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն):

Երէկ Կարսի մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում՝ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ:
Տարածաշրջանային համագործակցութեան նպատակաուղղուած այս հանդիպումին՝ կողմերը հիմնականօրէն քննարկեցին համատեղ իրագործուող ծրագիրները, որոնց կարգին էր Հայաստանը շրջանցող Պաքու - Թիֆլիս - Ախալքալաք - Կարս երկաթուղիի շինարարութիւնը: 

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հան Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի արագացուի:

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացուի «Ժամանակին Հայեր Կային» խորագիրով միջոցառումներու շարք մը: