Քուռ գետը ցամքած է, որու հետեւանքով Սամցխէ-Ջաւախքի Ասպինձայի շրջանի բնակիչները շատ մտահոգ են: Ինչպէս անոնք կը նշեն՝ օրէ օր կ’իջնէ գետի ջուրին մակարդակը, ինչ որ սկսած է քանի մը օր առաջ:

Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) համանախագահ, ծագումով զազա քիւրտ Սելահեթթին Տեմիրթաշ «Եոլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ։

Թուրքիա նոր քայլեր առնել սկած է՝ արտասահմանի մէջ իր լոպիական գործունէութիւնը զօրացնելու համար:

«Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վանի Իփեքէօյլիւ շրջանին մէջ գտնուող հայկական հին գերեզմանատան տեղ թաղապետի եւ Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան համագործակցութեամբ գոմ եւ անասնակերի պահեստներ կառուցելու որոշում տրուած է:

Կարսի մէջ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, բաւական մանրամասն անդրադարձներ եղան տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն: