Ներկայիս Թուրքիան, որպէս հանրապետութիւն, գոյութիւն ունի 91 տարի: Հոկտեմբեր 29-ը թրքական պետութեան հերթական տարեդարձն էր, որը պաշտօնապէս միշտ կը նշուի մեծ շուքով:

Թուրքիոյ հանրապետութեան անցած աւելի քան 9 տասնամեակներուն յետահայեաց անդրադարձած է թուրք պլոքեր Եըլմազ Մուրաթ Բիլիջանը, «T24» ընդդմիադիր լրատուակայքին մէջ հրապարակուած է անոր «Կարճ պատմութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան» յօդուածով, ուր կը մատնանշուին արիւնոտ ու ամօթալի էջերը:

600 տարուայ կայսրութենէն մնացած հողերուն վրայ 1923-ին հռչակուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն: Ըստ Բիլիջանի՝ դեռ եւս երիտթուրքերու ժամանակէն խնդիր դրուած էր ազգ ստեղծել մէկ ինքնութեան շուրջ, որը պէտք էր ըլլար թրքական: Այլ էթնիկ ինքնութիւնները կամ պիտի զտուէին, կամ պիտի ձուլւէին, կամ ալ՝ պիտի հեռացուէին:
«Ծրագրուած էր 1914-20-ականներուն ասորիներուն, 1915-ին ալ հայերուն ենթարկել ցեղասպանութեան, որը յաջողութեամբ իրականացաւ»,- կը նշէ Բիլիջանը: Բացի բնակչութիւնը թրքացնելէ որոշուած էր նաեւ թրքականացնել երկրի տնտեսութիւնը: Յօդուածագիրը նկատեց, որ ատոր համար տնտեսութեան մէջ էական դերակատարում ունեցող ոչ մահմետական զանգուածներուն (հայեր, յոյներ եւայլն) կամ հուրի եւ սուրի մատնեցին, կամ ժամանակ տուին, որպէսզի անոնք հեռանան: Սկսան Իզմիրէն (Զմիւռնիա): Օրեր շարունակ Իզմիրը կրակներու մէջ կը վառուէր: Շրջանի հայ եւ յոյն բնակչութենէն գրեթէ մարդ չմնաց:
«Երկու ամսուայ ընթացքին բոլոր տեղերը «մաքրեցինք» անոնցմէ եւ հպարտ զգացինք մեզ: Այնուհետեւ ունեւորութեան հարկ մտցուցինք: Ազգութեամբ հայ, հրեայ եւ յոյն քաղաքացիներէն մէկ առ մէկ խլեցինք իրենց ունեցուածքը»: Յետոյ պարտադրաբար թրքերէն լեզուով խօսելու արշաւ սկսաւ:
Տարիներու ընթացքին ողջ մնացած ոչ մահմետականներու զգալի մասը լքեց Թուրքիան: Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ այդպիսի էթնիկ զտումներ ընելով հանրապետական Թուրքիայի իշխանութիւնները ըստ էութեան շարունակեցին արթուն պահել երիտթուրքերու փան-թուրանական ծրագիրն ու ոգին: