- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Սպիտակ Տան որոշումին՝ Նոյեմբերի մէջ ցուցադրութեան դնել հայ որբերու գործած գորգը
«Թուրքիոյ հասցէագրուած պատգամ կայ այս ցուցադրութեան մէջ»
Ինչպէս մեր նախորդ թիւերուն մէջ նշած էինք, Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի հայ որբերու գործած գորգը 18-23 Նոյեմբերին ցուցադրել նախագահական նստավայրի այցելուներու սրահին մէջ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով «կիրեսունկազեթէ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Նիւ Եորք կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ եւ խօսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած է Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարին կողմէ կազմակերպուած Ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան 2րդ համաժողովի հռչակագիրը, որուն մէջ երկրի իշխանութիւններուն որոշ պահանջներ ներկայացուած են։
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Հոկտեմբեր 15-ին Պեռլինի Willy-Brandt-Haus-ին մէջ բացուած է «Արա Կիւլերը - Պոլսոյ աչքը» (Արա Կիւլերը - The Eye) խորագիրով ցուցահանդէսը: Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Պրանտին նուիրուած ժամանակակից շէնքի 2 յարկին մէջ միաժամանակ ցուցադրուած է աւելի քան 200 լուսանկար, որոնք նկարուած են 1950-2005 թուականներուն:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
ՄԱԿ, «Նիուզուիք».- Հակառակ Թուրքիոյ տարած քարոզչական արշաւին ու մէկ գիշեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի կողմէ շարք մը օտար դիւանագէտներու համար Նիւ Եորքի «Ուոլտորֆ Ասթորիա» պանդոկին մէջ կազմակերպուած շքեղ հիւրասիրութեան, Հոկտեմբեր 16ի ժողովին Թուրքիա չկրցաւ բաւարար քուէներ ապահովել՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ-մնայուն անդամ դառնալու համար։