ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտը իր պաշտօնական կայքէն վերցուցած է «Հատուածներ պատմութենէն» բաժինին մէջ տեղադրուած «1914-1918 թուականներուն հայերու գործունէութիւնը՝ արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ» ենթաբաժինը, որուն նպատակն էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալ:

Ըստ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին՝ Թուրքիոյ բանակի ռազմական պատմութեան եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու նախագահութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան «պնդումներուն պատասխանելու» համար պատրաստուած 8 հատորնոց գործը PDF վիճակով տեղադրուած էր պաշտօնական կայքին վրայ: Թրքերէն եւ անգլերէն այդ գործին համար աշխատանքները սկսած էին 2006ին եւ աւարտած 2008ին: