Աւելի քան 200.000 քիւրտ փախստականներ
արդէն ապաստան խնդրած են թրքական սահմաններէն ներս

Քրտական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առին ճիհատականներու երկու կարեւոր դիրքեր, թրքական սահմանին վրայ գտնուող սուրիական Քոպանի քաղաքին մէջ: Այսուհանդերձ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը յաջողած է պահպանել իր հսկողութիւնը գրեթէ կէս քաղաքին վրայ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօն 9 Հոկտեմբերին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 27 Հոկտեմբերին, ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ:
Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ Ֆրանսան պիտի ձգտի Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Պոլիս լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի ատրպէյճանցի թղթակից Արզու Կէյպուլլաեւան սկսած է հետապնդումներու թիրախ դառնալու: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:
Թերթը, անհանգստութիւն յայտնելով թղթակիցի  կեանքի ապահովութեան նկատմամբ՝ կը գրէ, որ յաճախակի դարձած են լրագրողի հասցէին կատարուող

Ատրպէյճանի ընդդիմադիրները բազմամարդ հանրահաւաք մը կազմակերպեցին Պաքուի մէջ՝ պահանջելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաժարականը եւ կոչ ուղղելով դադրեցնել իրաւապաշտպաններու եւ քաղաքացիական ակտիվիստներու նկատմամբ հետապնդումները:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը, Հոկտեմբեր 6ի իր թիւով ներկայացուցած է ներկայ Թուրքիոյ Ամասիա քաղաքին մէջ ապրող վերջին հայ քաղաքացիի կեանքը, կենցաղն ու խնդիրները: Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթի վերոնշեալ հրապարակումէն հատուած մը.