- Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակին առթիւ, Մեծ Եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող կոթողի մը կառուցման համար Շինարարութեան Պետական Կոմիտէին, Երեւանի Քաղաքային Խորհուրդի Գործադիրին, ինչպէս նաեւ Ճարտարապետներու Միութեան կողմէ կազմակերպուած մրցմումը վերջացած է։ Ներկայացուած բոլոր գործերուն մէջէն ժիւրին նախապատուութիւն տուած է ճարտարապետներ Թարխանեանի, Քալաշեանի եւ քանդակագործ Խաչատուրեանի նախագիծին։ Վերոյիշեալ նախագիծը կը ներկայացնէ յաւերժական բոցին հակած պատերով կեդրոնական կլոր բաց դամբարան մը, ի յիշատակ 1915ի Եղեռնի զոհերուն, հարթաքանդակներով զարդարուն կրանիթիայ երկարաձիգ պատ մը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող մոթիվ մը։

- Ալավերտի քաղաքին կեդրոնը, Դեբեդ գետին վրայ կը բարձրանայ միջնադարեան Հայաստանի ճարտարապետական հոյակապ կոթողներէն Սանահինի կամուրջը, 12րդ դարուն վերջերը կառուցուած Իվանէ եւ Զաքարէ Զաքարեաններու քրոջ՝ Վանէնի թագուհիին կողմէ։ Ահա շուրջ ութ հարիւր տարի է, որ այս կամուրջին վրայ երթեւեկութիւնը կը շարունակուի։ Սեւակուճէ կառուցուած, 62 մեթր երկարութեամբ այս կամուրջը՝ դիմացած է դարերու փոթորիկներուն եւ հեղեղներուն։ 1195ին, Աղա Մահմէտ խանին հրոսակները կþոչնչացնեն կամուրջի արձանագիր խաչքարին այն մասը, ուր գրուած էր շինութեան թուականը։ Պատմական այդ յուշարձանին պահպանումը ապահովելու նպատակով, վերջերս արգիլած են ինքնաշարժներու եւ առ հասարակ ամէն տեսակի մեքենաներու երթեւեկը կամուրջին վրայ։ Ալասանդցիները կազմած են նաեւ Հայաստանի ամէնէն երկարակեաց այս կամուրջին վրայէն անցած նշանաւոր մարդոց անուանացանկը, որուն մէջ կը գտնուին նաեւ Սայաթ Նովա եւ Յովհ. Թունմանճեան։

- Պոլսահայ երիտասարդ դաշնակահարուհի Անի Կազեր (Ղազարեան) փայլուն յաջողութեամբ նուագած է Գորթօ սրահին մէջ, Արուսետի եւ Գրականութեան Բարեկամներու Ակումբին կողմէ կազմակերպուած նուագահանդէսի ընթացքին։