Յունական եւ միջազգային լրատուամիջոցները արձագանգ կը հանդիսանան «Քորփորէյշըն Ամերիքա» ընկերութեան սեփականատէր Էտուարտօ Էռնէկեանի մտադրութեան՝ Յունաստանի 21 օդանաւակայան գնելու մասին:
«Քաթիմերինի» օրաթերթը լայն անդրադարձ մը ունեցած է հարցին շուրջ, մանրամասնելով Յունաստանի շրջանային օդանաւակայաններու սեփականաշնորհման գործընթացը:

Քեֆալոնիա կղզիի բնակիչները սարսափի մատնեց Ռիխթըրի 5.9 աստիճան երկրաշարժը, որ երէկ Կիրակի կէսօրուայ ժամը 4ին տեղի ունեցաւ։ Երկրաշարժի էպիկեդրոնը Արղոսթոլիէն 6 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք էր։

Մասնագէտները կը գնահատեն թէ յետ երկրաշարժային ցնցումները պիտի շարունակուին հետագայ օրերուն։

«Միջազգային Ներում» կազմակերպութիւնը թափանցիկ հետաքննութիւն կը պահանջէ

Եգէականի մէջ, Ֆարմաքոնիսի կղզիի ծովային շրջանէն ներս, ապօրինի գաղթականներ փոխադրող նաւ մը ընկղմեցաւ, երբ ոստիկանական ծովային ուժեր քըննութիւն կը կատարէին նաւին շուրջ:

Կառավարական փոփոխութիւններու նախարարութեան կողմէ գործադրութեան կը սկսի նոր օրինագիծը, որու հիմամբ կը դադրի 21 պետական մարմիններու աշխատանքը։

Յունաստանի ներքին գործոց նախարար Եանիս Միխելաքիսի գրասենեակի մուտքին առջեւ կազերու ինքնաշխատ սարքերով յարձակում գործուեցաւ երէկ գիշեր: Յարձակումի պահուն մարդ չկար գրասենեակը: