«Միջազգային Ներում» կազմակերպութիւնը թափանցիկ հետաքննութիւն կը պահանջէ

Եգէականի մէջ, Ֆարմաքոնիսի կղզիի ծովային շրջանէն ներս, ապօրինի գաղթականներ փոխադրող նաւ մը ընկղմեցաւ, երբ ոստիկանական ծովային ուժեր քըննութիւն կը կատարէին նաւին շուրջ:

12 հոգի կը փնտռուի, մինչ վերապրող 16 գաղթականները երէկ փոխադրուեցան Փիրէայի նաւահանգիստը:

«Միջազգային Ներում» կազմակերպութիւնը թափանցիկ հետաքննութիւն պահանջած է, նոյն պահուն կոչ ուղղելով Յունաստանի կառավարութեան, քննութեան տակ առնելու ապօրինի գաղթականներու դէմ դաժան վերաբերմունքի մասին ամբաստանութիւնները: «Եգէականի մէջ վերջին դէպքը յիշեցում մըն էր փախստականներու կատարած վտանգաւոր ճամբորդութիւններուն, որ որեւէ ձեւով կը փորձեն Եւրոպա մուտք գործել: 2012ի Օգոստոսէն ետք, աւելի քան 136 փախստականներ (որոնց մէկ մասը սուրիացիներ) իրենց կեանքը կորսնցուցին, փորձելով անցնիլ Թուրքիոյ սահմաններէն դէպի Յունաստան: Եւրոպական Միութիւնը եւ անդամ երկիրները պարտին ապահովել փախստական մարդոց կեանքը» գրուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: