Յունաստանի ներքին գործոց նախարար Եանիս Միխելաքիսի գրասենեակի մուտքին առջեւ կազերու ինքնաշխատ սարքերով յարձակում գործուեցաւ երէկ գիշեր: Յարձակումի պահուն մարդ չկար գրասենեակը:

Յարձակումին որպէս հետեւանք՝ հըրդեհ բռնկեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան:
Ներքին գործոց նախարարը մամուլին տարածած իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, թէ «ոմանք կը փորձեն պարտադրել վախի եւ անկարգութիւններու մթնոլորտ երկրէն ներս: Պիտի չյաջողին: Այս երկիրը ունի իր կառոյցները եւ ժողովրդավարութիւնը կարելի չէ ահաբեկել»: