Ուրախութեան, գոհունակու թեան եւ յոյսի զգացումներով Յունուար 7ին իր աւարտին կը հասնի տօնական տասնօրեակը, որ սկսաւ Յունաց Ծնունդի նշումով, Դեկտեմբեր 25ին։
Յունաստանի տարբեր շրջաններու մէջ երէկ ջրօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, սովորութիւն՝ որ երկար տարիներու աւանդ ունի երկրէն ներս։ Համարձակ այրեր եւ կիներ, անտեսնելով ցած ջերմաստիճանը եւ պաղ ջուրը, ծով նետուեցան՝ բռնելու եւ դուրս բերելու համար ջուրերը օրհնած խաչը։
Փիրէայի մէջ տօնակատարութիւնները անցան սրած մթնոլորտի մէջ, երբ տեղւոյն վրայ համախմբուած ցուցարարներ կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ բողոքի լոզուգներ սկսան բացագանչել։ Փիրէայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին առջեւ հաւաքուած ցուցարարները պաստառ մը բարձրացուցին, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հացադուլի մէջ գտնուող Սփիրոս Սթրաթուլիսի։