Կառավարական փոփոխութիւններու նախարարութեան կողմէ գործադրութեան կը սկսի նոր օրինագիծը, որու հիմամբ կը դադրի 21 պետական մարմիններու աշխատանքը։
Այս պետական մարմիններու առարկան ու աշխատանքը անհրաժեշտ չի նկատուիր այլեւս եւ տուեալ օրինագիծով կամ բոլորովին կը վերանայ անոնց գործունէութիւնը, կամ որոշ պարագաներու կը միացուի այլ նմանօրինակ մարմիններու։
Այս մարմիններու մօտ զբաղուող աշխատաւորները պիտի ենթարկուին պարտադիր կենսաթոշակային համակարգի, կամ պիտի տեղափոխուին այլ կառոյցներու մէջ։ Ըստ նախարարութեան տուեալներուն, նոր օրէնքի պայմաններուն ենթակայ են 250 աշխատաւորներ։