25 Մայիս 2014ին կայանալիք եւրոընտրութիւններու երկընտրանքը կարեւորեց Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, Յունաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան նախագահութեան ստանձնման արարողութեանց ընթացքին:
Ըստ կառավարութեան ծանօթ դէմքերու եւ մամուլի գնահատանքին՝ վարչապետը բացայայտեց ընտրական ուղեգիծը որ պիտի որդեգրուի եւրոընտրութիւններու ժամանակ, քանի որ ազգային ընտրութիւններու կայացման պարագան առայժմ անորոշ կը մնայ:
Եւրոպական ընտրութիւններու ֆոնին վրայ խարսխուած պիտի ըլլայ նաեւ ազգային ընտրութիւններու մրցապայքարի քաղաքական միջավայրը, ուր ընդդիմադիր ուժերու հակառակութիւնը պիտի շեշտուի՝ եւրոպական ճանապարհին հանդէպ:
Կառավարութեան ռազմավարութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Սիրիզան եւ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ներկայացնելու՝ որպէս եւրոպական հեռանկարը նկատի չունեցող ուժ: Այս ձեւով մեկնաբանած է վարչապետ Սամարաս Սիրիզայի նախագահ Ալեքսիս Ցիփրասի բացակայութիւնը Աթէնքի համերգասրահին մէջ Չորեքշաբթի օր կայացած Եւրոպական միութեան Յունաստանի նախագահութեան ստանձնման արարողութենէն:
Հելլէն մամուլի գնահատականներուն համաձայն, վարչապետ Սամարաս համոզուած կը թուի ըլլալ թէ նման ռազմավարութիւն իր յաջող արդիւնքը պիտի բերէ, «Նոր Հանրապետութեան» առաջնակարգութիւնը ապահովելով, հակառակ որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը «խեղդուած» է վերջին տարիներու ճգնաժամի յաղթահարման տնտեսական ճնշումներէն: Յայտնի է թէ քաղաքական մթնոլորտը ճնշուած պայմաններու մէջ պիտի ընթանայ յաջորդող ամիսներուն, բեւեռացած ուժերով, որ «Սամարաս կամ Ցիփրաս» երկընտրանքը յառաջ պիտի տանին: