ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽԻՍՏ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Այսօր Չորեքշաբթի բացումը կը կատարուի Եւրոպական Միութեան Յունաստանի նախագահութեան վեցամսեայ նստաշրջանին:
Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփայի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի եւ յանձնակատարներու քոլեճի ներկայութեան՝ տեղի կÿունենայ նստաշրջանի բացման արարողութիւնը Զափիոյի մէջ, կէսօրուայ ժամերուն:
Նախատեսուած է կէսօրուայ ճաշ եւ Յունաստանի կառավարութեան նախարարաց խորհուրդի ու եւրոպացի յանձնակատարներու համատեղ խորհրդաժողով, վարչապետ Անտոնիս Սամարասի ներկայութեան, որուն պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս:
Հելլէն ոստիկանութիւնը անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու ձեռնարկած է Աթէնքի կեդրոնէն ներս, փակելով մեթրոյի որոշ կայարաններ եւ արգիլելով ցոյցերն ու հաւաքները:
Երեկոյեան նախատեսուած է պաշտօնական արարողութիւնը Աթէնքի համերգասրահէն ներս, հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի ներկայութեան: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ եւ Հերման Վան Ռոմփայ:
Խօսելով Յունաստանի նախագահութեան նստաշրջանի մասին, ժոզէ Պարոզօ համոզում յայտնեց, թէ յաջողութեամբ պիտի ընթանայ վեցամսեակը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Յունաստանին, աշխարհին ցոյց տալու թէ ոչ միայն ի վիճակի է երկիրը տագնապեցնող ճգնաժամը յաղթահարելու, այլ կրնայ նաեւ արժանաւորապէս նպաստել եւրոպական ծրագիրներու զարգացման:
Յունաստանի նախագահութեան ընթացքին Աթէնքի մէջ պիտի կազմակերպուին Եւրոպական Միութեան նախարարներու 14 հանդիպումներ, բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբերու 57 հանդիպումներ եւ 33 համաժողով կամ սեմինարներ: