Կիպրացի եւրոերեսփոխան (ՏԻՍԻ) տիկին Էլէնի Թէոխարուս նամակ մը յղած է Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի, Քոմիսիոնի նախագահ Զոցէ Մանուէլ Պարոզոյի եւ Եւրոպայի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէի, բողոքելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի գրաւեալ Կիպրոս կատարած այցելութեան առիթով:

Իր նամակին մէջ, տիկին Թէոխարուս անօրինական կը բնորոշէ Տաւութօղլուի այցելութիւնը: Ան դիտել կուտայ թէ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը յարիր չէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած երկրի մը քաղաքականութեան, քանի որ իր անդամակցութեան նախապայման պէտք է նկատել Կիպրոսի հանրապետութեան ճանաչումը:
Տիկին Թէոխարուս կ'ընդգծէ թէ սկզբունքային հարց է միջազգային եւ եւրոպական իրաւական կարգի յարգումը, իսկ մինչեւ հիմա որդեգրուած թրքական կեցուածքներն ու վարքագիծը՝ բացարձակապէս ընդունելի  չեն այս դիտանկիւնէն, որովհետեւ կը խախտեն Եւրոպական Միութեան անդամ պետութեան մը ինքնիշխանական  իրաւունքները:
Ան կÿաւելցնէ թէ կիպրական հարցի հետ կապուած բանակցութիւնները չեն կրնան օգտագործուիլ  որպէս պատճառաբանութիւն, ոչ ալ հանդուրժողութիւն ակնկալել եւրոպական շրջանակներէն:
Տիկին ԹԷոխարուս կոչ կ'ուղղէ Եւրոպական Միութեան կառոյցները ղեկավարող անձնաւորութեանց՝  ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, վերջ տալու համար Թուրքիոյ սադրիչ քաղաքականութեան: