«Ֆոթովիզա» փառատօնը կազմակերպած է «Ռոսիզօ» թանգարանային ցուցադրութիւններու կեդրոնը «Ռուս ռեփորթէօր» հրատարակութեան եւ www.photographer.ru. կայքին համագործակցութեամբ

Իննա Մխիթարեան «Ազատ Օր»ի ընթերցողներուն հրամցուցած է իր արուեստի նմուշները, մի քանի առիթներով: Հոս՝ Արցախի մէջ պատմական մեծ հարսանիքի իր լուսանկարչական շարքին առջեւ:

Իննա Մխիթարեան («Հայրենիք»ի լուսանկարիչ)
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ֆոթովիզա 2011» միջազգային լուսանկարչական մրցոյթի եզրափակիչ անցած են չորս հայ լուսանկարիչներ` Իննա Մխիթարեան («Հայրենիք»ի լուսանկարիչ), Անահիտ Հայրապետեան, Նազիկ Արմէնակեան, Հայկ Պիանճեան), որոնք Հոկտեմբեր 23-ին մեկնած էին Քրասնոտար, մասնակցելու «Ֆոթովիզա»ի լուսանկարներու միջազգային երրորդ 3րդ փառատօնին եւ ապա, մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին` լուսանկարիչներ Ռուսաստանէն, Իտալիայէն  եւ Լեհաստանի տարբեր քաղաքներէն:

Անահիտ Հայրապետեան
Փառատօնի ընթացքին կատարուած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, սահմանուած ինը մրցանակներէն չորսը՝ ստացան վերոյիշեալ չորս լուսանկարիչները: Այս հայ մասնակիցները պատուաւոր տեղեր գրաւած  են զանազան ենթաբաժանումներէ  ներս:

Նազիկ Արմէնակեան եւ Հայկ Պիանճեան
Այսպէս, առաջին անուանակարգը կոչուած է «Ճանապարհ», ուր առաջին տեղը գրաւած է Անահիտ Հայրա-պետեան: Երկրորդը` «Մարդն ու զինք շրջապատող միջավայրը» նիւթով շարքին առաջին տեղը գրաւած է Նազիկ Արմենակեան, իսկ երկրորդը` Հայկ Պիանճեան: Երրորդ` «Հիւսիսային Կովկասի ճանապարհներին» անուանակարգ, ուր երրորդ տեղը գրաւած է Իննա Մխիթարեան:

Առաջին տեղը գրաւած մասնակիցները ստացած են նիւթական պարգեւներ, իսկ մնացեալը յատուկ վկայականներ: