Պոլսոյ լուսանկարիչները (1840-1900)
1839 Փարիզ: Լուսանկարչութեան գիւտը կը հնչէ որպէս արուեստի եւ մշակոյթի հիմնական յեղափոխութեան մը սկիզբը: Նոյն տարին, Կ. Պոլսոյ մէջ գահ կը բարձրանայ երիտասարդ Ապտիւլ Մէճիտ Ա. բանալով Եւրոպայէն ներշնչուած նորարարութիւններու շրջան մը:
Գիրքը կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան առաջին լուսանկարիչները, սկսելով Նէրվալի կամ Ժիրօ տը Փրանժէի պէս այցելուներէ, մինչեւ Սեպահ, Գարկոփուլոս եւ Ապտուլլահ աշխատանոցներու ոսկեշրջանը, առանց մոռնալու սուլթանին ծառայող եւրոպացիները, ինչպէս Ռոպերթսոն, Պէաթօ կամ Գարանզա:
Գիրքին մէջ տեղ կը գտնէ Փիրէ տը Ժիկորի հաւաքածոյէն մասամբ անտիպ 130 լուսանկար:
Այս առիթով նկարներու ցուցադրութիւն տեղի ունեցած է Փարիզի Վիլէթի աւազանէն (Սէնի քարափին) խարսխուած Անաքօ տափանաւին վրայ: