ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24ին տեղի ունեցած «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքին ընթացքին, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը 26,775 տոլար նուիրեց Արցախի եւ Հայաստանի ջուրի ենթակառոյցը հաստատելու
եւ նորոգելու ծրագիրներուն: Գումարը գոյացած էր շրջանային վարչութեան եւ շրջանի մասնաճիւղերուն համատեղ ջանքերով:
Գումարին 18.150 տոլարը գոյացած էր Շրջանային վարչութեան կողմէ, որուն ատենապետուհին՝ տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեանը, ընդհանուր գումարը յանձնեց հիմնադրամին: