«Անանուն ցուցարարը»՝ TIME պարբերաթերթի տարուայ դէմք հռչակուեցաւ
Ամերիկեան Time ամսագրի խմբագրութիւնը տարեվերջի իր թիւով ընտրեց «Տարուայ դէմք»ը։ Որոշ ժամանակ համացանցի մէջ իրագործուած հարցախոյզերէ ետք, (ուր մասնակիցներուն կողմէ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի անունին թեր կեցուածքներ արտայայտուած էին), ամսագրի խմբագրութիւնը որոշեց աշխարհի «անանուն ցուցարար»ին տրամադրել վերջին թիւի կողքը:
«Արաբական Գարունէն, Աթէնքէն, ԱՄՆէն եւ Մոսկուայէն ետք, 2011ը յատկանշուեցաւ բազմամարդ ցոյցերու ծաւալուն ալիքներով, որոնց արժեւորումը կը կատարուի տուեալ հրատարակութեան մէջ:
Ինչպէս կը գրէ պարբերականը խմբագրական իր գրութեան մէջ, 2011ին աշխարհի զարգացման վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցան աշխարհի տարբեր երկիրներու ցուցարները, քան թէ ոեւէ քաղաքական, կամ հասարակական գործիչ։
Ամսագիրը կը յիշեցնէ, որ գրեթէ տարի մը առաջ Թունիզի երիտասարդ բնակիչ, պտուղներու վաճառական Մուհամետ Պուազիզին, ի նշան բողոքի (չքաւորութեան, ոստիկանութեան կամայականութեան դէմ), հրապարակաւ ինքն իրեն հրկիզեց, վարչակարգեր «ցնցող» բազմամարդ ցոյցերու սկիզբը կատարելով:
Ինչպէս գրուած է պարբերականին մէջ, ցուցարարները իրենց ազդեցութիւնը բերած են 3 միլիառ ժողովուրդ հաշուող երկիրներու մէջ եւ «բողոք» բառը 2011ին գերակշիռ դարձած է: