Մոսկուայի մէջ երէկ համախմբուեցան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները։ Նեղ կազմով հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը։
Անկէ ետք յաջորդեց ընդլայնուած կազմով հանդիպումը եւ փաստաթուղթերու ստորագրումը։ Ստորագրուեցան 23 փաստաթուղթեր, որոնք պիտի օժանդակեն կազմակերպութեան գործունէութեան հետագայ կատարելագործման եւ Եւրասիական տարածութենէն ներս անվտանգութեան ապահովման հիմնական ամրապնդման: Որոշումներ ընդունուեցան ՀԱՊԿ արագ արձագանգման ուժերու յատուկ ստորաբաժանումներու վերազինման, տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման համակարգի ձեւաւորման, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, Աֆղանիստանի տարածքէն եկող սպառնալիքներուն հակազդելու ընդհանուր ծրագիրներու վերաբերեալ։
Անդամ երկրներու ղեկավարներու ուշադրութեան ներկայացուեցաւ նաեւ ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահի հաշւետուութիւնը՝ 2010ի ընթացքին համախոհական ռազմական շինարարութեան ծրագրի իրագործման ուղղուած միջոցառումներու՝ հետագայ հեռանկաներու մասին:
Ուշադրութեան տակ եղան նաեւ կազմակերպութեան հնարաւորութիւններու յաւելումի հարցեր:
ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ ռազմական եւ ռազմա-արհեստագիտական համագործակցութեան գործնականացման հարցերու:
Այս նստաշրջանին ընթացքին ՀԱՊԿ-ի բոլոր լիազօրուած օրկաններու մէջ Պելառուսի նախագահութիւնը փոխանցուեցաւ Ղազախստանին:
Ժողովին մասնակցեցան (ձախէն աջ) Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշէնքօ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ, Ղրխըզիստանի նախագահ Ալմազպէք Աթամպաեւ, Ռուսաստանի նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն, Իւզպեքիստանի նախագահ Իսլամ Քարիմով
եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վիկտոր Եանուկովիչ