Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի մը ընթացքին, տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն մը՝ ի նպաստ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Արցախի ծրագիրներուն: Սոյն ճաշկերոյթի ընթացքին ռուսահայ գործարարներու կողմէ եղած նուիրատուութիւններով հանգանակուած է 18 միլիոն տոլար:

Հանդիսութեան ներկայ էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, որ նոյն երեկոյեան յայտարարեց, թէ արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էռնեկեան, գալիք տարի, շուրջ 11 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Արցախի մէջ:
Այս տարուան ճաշկերոյթէն բացակայեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ մէկ օր առաջ Մոսկուայէն վերադարձած էր Երեւան:
Ճաշկերոյթին ընթացքին հանգանակուեցաւ 18 միլիոն 635 հազար ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն:
Մոսկովեան ճաշկերոյթով աւարտեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի դրամահաւաք 2011ը, որ արձանագրեց 30 միլիոն 921 հազար 478 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւններ: