ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԺԱՄԿԷՏԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ
ՉԻՉԵՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՀԱՐՑՈՎ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ
ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ
Ըստ լրագրող Ժան Էքեանի, Ֆրանսայի խորհրդարանը 22 Դեկտեմբերին պիտի քննարկէ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին նոր օրինագիծը, իսկ այդ օրը Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները խորհրդարանի շէնքին առջեւ ցոյց պիտի կատարեն:
Ֆրանսայի խորհրդարանի իրաւական հարցերով յանձնախումբը օրեր առաջ որդեգրած էր վերոնշեալ օրինագիծը: «Յոյսով եմ, որ մենք մինչեւ վերջ պիտի երթանք, եւ Ֆրանսան պիտի ըլլայ մարդկային իրաւանց երկիր», ըսած էր օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պոյեր:
Ըստ նոր օրինագիծին, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի պիտի ենթարկուին:
ՉԻՉԵՔ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
Թրքական «Հապերլեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք ֆրանսացի իր գործընկերոջ՝ Պեռնար Աքուայէի յղած է նամակ մը՝ որուն մէջ փոխանցած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ յայտնուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը: Չիչեքի նամակին մէջ նշուած է, որ յիշեալ օրինագիծի որդեգրումը պիտի վնասէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն: «Անհրաժեշտ է, որ այս խնդիրը ձգենք պատմաբաններուն եւ հետազօտողներուն», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը, կրկնելով նոյն յանկերգը, որ Թուրքիա կը շարունակէ:
Թուրքիա Ֆրանսայի խորհրդարանին զգուշութեան կոչ ուղղելով յայտնած է, որ «պատմական իրադարձութիւնները խորհրդարաններուն կողմէ չեն գրուիր»:
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «խորհրդարաններու պարտականութիւնը պատմական իրադարձութիւնները քննարկելն ու անոնց հիման վրայ պատիժ սահմանող որոշումներ կայացնելը չէ»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ ֆրանսացի երեսփոխանները պատմութեան հարցերը ձգեն պատմաբաններուն, որովհետեւ համայնքային հարցերը պէտք չէ պատճառ դառնան թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու վատթարացման:
Օրեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր. «Այն շրջանին, երբ Թուրքիա-Ֆրանսա համագործակցութեան կարելիութիւնները կրնան զարգացման կայուն փուլ մտնել, նման նախաձեռնութիւնները բացասաբար պիտի անդրադառնան ընթացքին: Հետեւանքներուն համար պատասխանատուութիւն պիտի կրէ այդ ամէնը նախաձեռնող կողմը:
«Ֆրանսայէն մեր ակնկալիքը այն է, որ անիկա աջակցութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պատմութեան հետ կապուած անհարթութիւնը երկխօսութեան միջոցով կարգաւորելուն»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը
ազդարարագիր մը ղրկած է Ֆրանսա
Ինչպէս մեր երէկուան թիւով ալ կը հաղորդէինք, Ֆրանսական Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան մասին նոր օրինագիծի մը վաւերացումը կը քննէ Դեկտեմբեր 22ին եւ ոչ թէ նախապէս յայտարարուած՝ Դեկտեմբեր 19ին:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 7ին, Ազգային Ժողովի օրէնքներու յանձնաժողովը ընդունած էր իշխանութեան գլուխը գտնուող UMP կուսակցութեան երեսփոխանուհի Վալերի Պուէայէի եւ իր ընկերներուն կողմէ ներկայացուած օրինագիծը գրեթէ միաձայնութեամբ, բացառութեամբ երկու ձայնի:
Ինչպէս պատահած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քննարկումներու առընչուած նախորդ բոլոր պարագաներուն, այս անգամ եւս անմիջական եղած է թրքական հակազդեցութիւնը եւ Անգարա զգուշութեան հրաւիրած է Փարիզը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր ազդարութիւն մը ղրկած է Ֆրանսայի, դիտել տալով որ անսրբագրելի կացութիւն մը կը ստեղծուի եթէ Ֆրանսա վաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրինագիծը:
Անգարայի կարծիքով, Ցեղասպանութեան նիւթը կը շահագործուի ֆրանսական նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին, ընտրական հաշիւներով, «մինչդեռ Թուրքիա Ֆրանսայէն կը սպասէ որ շինիչ դեր խաղայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ի նպաստ» ըսուած է ազդարարագրին մէջ: