Լրագրողներու համար ամէնէն վտանգաւոր երկիրը՝ Մեքսիքոն
ԺԸՆԵՒ.- Press Emblem Campagne անունով ոչ կառավարական կազմակերպութեան տարեկան զեկուցումը հրապարակուած է, ուր անդրադարձ կայ 2011ին ընթացքին աշխարհի տարածքին սպաննուած լրագրողներու մասին: Ինչպէս յայտնի կը դառնայ զեկուցումէն, աշխարհի 39 երկիրներու մէջ 106 լրագրող իր կեանքը կորսնցուցած է:
Լրագրողներու համար ամէնէն վտանգաւոր երկիրը, դարձեալ Մեքսիքոն է, ինչպէս էր անցեալ տարուայ զեկուցումի տուեալներուն համաձայն: Յունուարէն-Դեկտեմբեր երկարող 12 ամսուայ ժամանակաշրջանին մէջ՝ 12 լրագրող սպաննուած է Մեքսիքոյի մէջ:
Փաքիստանի մէջ 11 լրագրող զոհուած է, մինչ Իրաք, Լիպիա, Ֆիլիփին, Պրազիլ եւ Հոնտուրաս կը յաջորդեն՝ տարեկան 7 լրագրողներու սպանութեան դէպքերով: Ինչպէս յայտնի է, ամէնէն վտանգաւոր շրջանը Լատին Ամերիկան է լրագրողներուն համար, զոհերու ընդհանուր 35 թիւով. կը յաջորդեն Ասիան եւ Միջին Արեւելքը:
2010ի ընթացքին 105 մահուան դէպքեր ար- ձանագրուած էին: Այս տխուր ցուցակի գլուխը կը շարունակէ գտնուիլ Ֆիլիփինի մէջ 2009ին պատահած դէպքը՝ մէկ օրուայ մէջ 32 լրագրողներու սպանութեամբ:
Կին լրագրողներու պարագային, յատկապէս նշուած է թէ բազմաթիւ անգամներ բռնաբարումներու զոհ դարձան Եգիպտոսի եւ Լիպիայի մէջ, «Արաբական Գարնան» ըմբոստութիւններու եւ բռնարարքներու առիթով: